2012-07-26 12:14:45

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահին Ուղերձը` Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցողներուն


Ուրբաթ, 27 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացումը: Այս առիթով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ողջոյնի խօսքով հետեւեալ ուղերձը յղած է ողիմպիական խաղերուն մասնակցողներուն.

«Յարգելի՛ ողիմպիականներ: Լոնտոնի մէջ, բազմաթիւ մրցակիցներու դէմ մրցասպարէզ դուրս գալով, դուք պէտք է ցոյց տաք ձեր ունեցած հմտութիւնները: Յոյսով եմ, որ դուք կը դրսեւորէք աննահանջ կամք, յաղթանակի ձգտում եւ բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէք ձեր վրայ` ձեր արձանագրած փայլուն արդիւնքներով, որովհետեւ ատով է, որ կրնաք յաջողութիւններու հասնիլ:
«Ձեր կատարած բոլոր մրցումներուն եւ ներկայացումներուն ուշադրութեամբ պիտի հետեւին բոլորը` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Կը հաւատամ, որ մեզի յուսախաբ չէք ըներ եւ բարձր կը պահէք Հայաստանի պատիւը: Դուք պէտք է առաջնորդուիք ողիմպիական վեհ գաղափարներով, արդարացի խաղի սկզբունքներով, առանձնանաք օրինակելի վարքագիծով եւ պահուածքով:
«Նախորդ տարիներուն ընթացքին բազմիցս խոստացած էք, որ միջազգային այդ գլխաւոր մարզահանդէսին մէջ պիտի գտնէք ձեր արժանի տեղը եւ պիտի բարձրանաք ողիմպիական պատուանդանին վրայ: Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի` արժանապատուօրէն կատարելու ձեր առաքելութիւնը, գործի վերածելու ձեր խոստումները, որպէսզի դատարկ տեղը կատարած չըլլաք ձեր փորձերը եւ ի զուր չըլլայ վատնուած քրտինքը: Միլիոնաւոր հայեր յոյսով եւ հաւատքով կը սպասեն ձեր յաղթանակներուն: Արդարացուցէ՛ք ձեր վրայ դրուած յոյսերը: Յաջողութիւն եւ յաղթանակ կը մաղթեմ ձեզի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.